friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

16
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ «ԲՆՕՐՐԱՆ» ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՆԴԷՍ 2008-2013 ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Այնթապի, Զէյթունի, Ուրֆա-Եդեսիայի, Մուսալեռի, Նոր Արաբկիրի, Նոր Կիւրիւնի, Սեբաստիոյ, Վասպուրականի եւ վերածնած Հաճընի հայրե- նակցական միութիւնները: Խմբագիրը այս օրկանին հայրենակցական միութիւններու խորհուրդին կողքին` Եդեսիացի ծնողներու զաւակ Ժոզէֆ Աւետիսեանն է: Այս հանդէսը ծրագրուած է լոյս ընծայել որպէս չորսամսեայ հանդէս, բայց ինչպէս կը յայտնուի նիւթական ակունքներու նուազումին պատճառաւ` այսօր լոյսին կու գայ որպէս տարեգիրք: Անշուշտ տարեգիրքը եւս կրնայ օգտակար ըլլալ` եթէ հետեւի Թէոդիկի ու Կարօ Գէորգեանի հրատարակած տարեգիրքերուն, որոնց յաջորդական թիւերը հետաքրքրութեամբ կը սպասուէին: Մանաւանդ մեծն Թէոդիկին տարեգիրքը: Ահա «Բնօրրան»ի 2013 թ.ին հրատարակուած մեծղի եւ 512 էջ պարունակող հատորը, որուն առաջին էջերէն մեզ կը դիմաւորեն Հրանդ Աճէմեանի զոյգ Օրուայ Յօդուածը www.facebook.com/RAGmamoul Հայրենի Լուրեր - Արցախի Մէջ Զբօսաշրջութիւնը Կը Զարգանայ (Տեսնել՝ էջ 5) - Google Map-ը Կը Ճանչնայ Արցախը (Տեսնել՝ էջ 6) Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան - Հաղորդագրութիւն՝ ՀԵԸ-ի Մարզական Վարչութիւն եւ Պասքէթպոլի Յանձնախումբ (Տեսնել՝ էջ 7) - Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. «Քեսապը Մեր Սիրտերուն Մէջ» Ցուցահանդէսի Բացում (Տեսնել՝ էջ 8) Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ամերիկացի Սենատորները Կողմ Են Հայաստանին Եւ Ղարաբաղին Օգնություն Ցուցաբերելուն (Տեսնել՝ էջ 9) «Բնօրրան» պարբերականը հիմնուած է 1993 թուականին, որպէս օրկան Հայաստանի հայրենակցական միու- թիւններու: Միութիւնը իր կեդրոնի բացումը կատարած է 23 Դեկտեմբեր 1999ին: Հիմնադիր հայրենակ ցականներու շարքին գտնուած են ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Upload: ramgavar-party

Post on 23-Mar-2016

223 views

Category:

Documents


4 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

«ԲՆՕՐՐԱՆ»

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՆԴԷՍ

2008-2013 ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Այնթապի, Զէյթունի, Ուրֆա-Եդեսիայի, Մուսալեռի,

Նոր Արաբկիրի, Նոր Կիւրիւնի, Սեբաստիոյ,

Վասպուրականի եւ վերածնած Հաճընի հայրե-

նակցական միութիւնները:

Խմբագիրը այս օրկանին հայրենակցական

միութիւններու խորհուրդին կողքին` Եդեսիացի

ծնողներու զաւակ Ժոզէֆ Աւետիսեանն է:

Այս հանդէսը ծրագրուած է լոյս ընծայել որպէս

չորսամսեայ հանդէս, բայց ինչպէս կը յայտնուի

նիւթական ակունքներու նուազումին պատճառաւ`

այսօր լոյսին կու գայ որպէս տարեգիրք:

Անշուշտ տարեգիրքը եւս կրնայ օգտակար ըլլալ` եթէ

հետեւի Թէոդիկի ու Կարօ Գէորգեանի հրատարակած

տարեգիրքերուն, որոնց յաջորդական թիւերը

հետաքրքրութեամբ կը սպասուէին: Մանաւանդ մեծն

Թէոդիկին տարեգիրքը:

Ահա «Բնօրրան»ի 2013 թ.ին հրատարակուած մեծղի եւ

512 էջ պարունակող հատորը, որուն առաջին էջերէն

մեզ կը դիմաւորեն Հրանդ Աճէմեանի զոյգ

յօդուածները.- «Հայրենակցական Շարժումը

Հայաստանի Մէջ» եւ «Հայ Ազատատենչ ոգին

երեւանեան բեմին վրայ»:

Ուշագրաւ յօդուածներ:

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

www.facebook.com/RAGmamoul

Հայրենի Լուրեր - Արցախի Մէջ Զբօսաշրջութիւնը Կը

Զարգանայ (Տեսնել՝ էջ 5)

- Google Map-ը Կը Ճանչնայ Արցախը (Տեսնել՝ էջ 6)

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան

- Հաղորդագրութիւն՝ ՀԵԸ-ի Մարզական

Վարչութիւն եւ Պասքէթպոլի Յանձնախումբ (Տեսնել՝ էջ 7)

- Հայկազեան Համալսարանին Մէջ.

«Քեսապը Մեր Սիրտերուն Մէջ»

Ցուցահանդէսի Բացում (Տեսնել՝ էջ 8)

Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ

Նահանգներ Ամերիկացի Սենատորները Կողմ Են Հայաստանին

Եւ Ղարաբաղին Օգնություն Ցուցաբերելուն (Տեսնել՝ էջ 9)

«Բնօրրան» պարբերականը հիմնուած

է 1993 թուականին, որպէս օրկան

Հայաստանի հայրենակցական միու-

թիւններու: Միութիւնը իր կեդրոնի

բացումը կատարած է 23 Դեկտեմբեր

1999ին: Հիմնադիր հայրենակ

ցականներու շարքին գտնուած են

Այնթա պի, Զէյթունի, Ուրֆա-

Եդեսիայի, Մուսալեռի, Նոր

Արաբկիրի, Նոր Կիւրիւնի,

Սեբաստիոյ,Վասպուրականի եւ

վերածնած Հաճընի հայրենակցական

միութիւնները:

Խանդավառ սկիզբ մը, որ առ այսօր

կը շարունակուի կապեր ստեղծելով

նաեւ Սփիւռքի հայրենակցական

միութիւններու հետ, բան մը, որ

քաջալերական է:

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Page 2: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

մեզ կը դիմաւորեն Հրանդ Աճէմեանի զոյգ յօդուածները.- «Հայրենակցական Շարժումը Հայաստանի Մէջ» եւ

«Հայ Ազատատենչ ոգին երեւանեան բեմին վրայ»: Ուշագրաւ յօդուածներ:

Անշուշտ նախամեծար նկատուած է սկիզբը ներկայացնել հայրենակցականի մաս կազմող միութիւններու եւ

միութիւններու խորհուրդին տարած աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ:

Ահա Հայաստանի Այնթապցիներու հայրենակ ցական միութեան գործունէութեան մասին տրուած լուրեր եւ

անոնց շարքին յօդուած մը Հալէպէն` Հայաստան մեկնած Ենովք Կրպոյեանի գրիչէն հայրենասիրական

զեղումով:

Կրպոյեանի կողքին յօդուածներով հանդէս եկած են Յարութիւն Կարապետեանն ու ԵրուանդՊապայեանը,

որ այսօր 101 ամեայ, կ՛ապրի Լոս Անճելըսի մէջ:

Ինչպէս Այնթապահայերու հայրենակցական միութիւնը, նոյնպէս վերոյիշեալ հայրենակցականները

Հայաստանի մեծ պատրաստութեամբ իրենց բնօրրաններուն մղած են պայքարները, կը նշեն օսմանցի

թուրքերուն, երիտ թուրքերուն, հուսկ Քեմալի եւ խառնամփոխի նկրտումներուն դէմ: Այս կապակցութեամբ

մէծ է թիւը յօդուածներու, որ պատշաճ կը գտնենք:

Հայաստանի Հայրենակցականներու այս խորհուրդը կապ պահելով Սփիւռքի հայրենակցականներուն հետ,

կու տայ նաեւ լուրեր թէ՛ Եւրոպայէն, թէ՛ Ամերիկայէն, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքէն ստացուած

տեղեկութիւններու, տեսակ մը համալրում:

Ահա՛ Տիգրանակերտի Ս. Խաչ Եկեղեցիին վերակառուցումին համար տեղի կ՛ունենայ հանգանակութիւն: Կը

Կազմակերպուի Ուխտագնացութիւն դէպի գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստան: Ահա բանաստեղծութիւն մըն

ալ, ազատագրեալ Արցախի նահատակներուն նուիրուած: Կը յաջորդէ երկարաշունչ պոէմ մը Խանում

Քիլեճեանի գրիչէն: Ուրեմն խօսքը կը վերաբերի ամբողջական Հայաստանին եւ Սփիւռքին:

Հոս ներկայ է նաեւ գեղանկարիչ Էմիլ Սամուէլի Աբրահամեանը` Արցախէն: Խիստ հետաքրքրական է

«Բնօրրան»ը իր դերին առաջնորդող Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերու մէկ անուանացանկը տալով, թիւով

4368 հոգի: Առաջին անգամ կը հանդիպինք նման թուարկումի:

Ձեռնարկները իրարու կը յաջորդեն.- Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 190 ամեակի նշում: Յուշեր Խրիմեան

Հայրիկի մասին: Շահէն Խաչատուրեանի մէկ յօդուածը.- «Լուսաւորութեան Առաքեալներ», ուր կը

ներկայացուին Գաբրիէլ եւ Յովհաննէս Այվազովսկի եղբայրները:

Լուրեր Վանայ Ծովու Աղթամար կղզիի վերակառուցման շուրջ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. 60

տարեկան: Բացուած է Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու մատենադարանը Էջմիածնի մէջ: Վազգէն Ա.

Հայրապետի 100 ամեակի նշում: Հայ Կաթողիկոսներու Զմմառի վանքին մասին տեղեկութիւններ:

Ահա Մեղրիի նոր կամուրջը` «Փրկութեան ճանապարհ»: Մեկնում Աւստրալիոյ Առաջնորդ Աղան Արք.

Պալեոզեանին 66 տարեկանին: Ու մեկնում Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ Արք.ին:

Նամակներով, լուսանկարներով հարուստ: «Լարք»ի ամառնային Ճամբար:

Տեղեկատուութիւն շարժումի մը մասին` Արտերկրի Հայկական պետութիւն, Արեւմտեան Հայաստանի

կառավարութիւն, որ կ՛ունենայ իր նախագահը, վարչապետը, նախարարները... ոմանք երազային կը

նկատեն այս շարժումը:

Page 3: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Վերի շարժումը նկատի ունի Սեւրի Դաշնագիրը, կայ լայն նամակագրութիւն Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու

պետական երեւելիներու հետ:

Հատորին 246 էջէն կը տրուի «Պատմականգրական» բաժինը:

Ահա Սարդարապատի հրաշքը` համաժողովրդական շարժում: Ուրարտու Վան Արարատեան

թագաւորութիւն: Միջազգային գիտաժողով՝ «Կիլիկեան Հայաստանի Մշակոյթը»:

Իտալիայէն Բժ. Երուանդ Արզումանեանի արխիւին յանձնումը Հայաստանի պատկան մարմիններուն:

Եդեսիոյ մէջ ատենին երգուած ժողովրդային երգեր, թիւով 24, բառերու եւ նօթաներու տուուչութեամբ

հանդերձ:

Արուեստ: Պարոյր Սեւակ, Հայկական ասեղնագործութիւն: Փարիզէն` Լեւոն Մոմճեանի երաժշտական չորս

յօդուածները: Կոմիտասի 140 ամեակի նշում: Տիգրան Մանսուրեանը 70 տարեկան: Կոմիտասը լոյսի

հանճար ու կենսանորոգ ոգի:

«Ինտիփէնտընթ» թերթի թղթակից` Մայքըլ Չըրչի հինգ հարցումները Տիգրան Մանսուրեանին:

Երախտաւորներէն` Գէորգ Գանտահարեանի մասին տասնեակներով կարծիքներ:

Մայէսթրօ Օհան Տուրեանի մեկնումը: Մեկնում գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի 90 տարեկանին:

«Բնօրրան»ը այս մեծ գեղանկարիչին յատկացուցած է 17 էջ, ուր խօսք առած են բազմաթիւ երեւելի հայեր

արուեստի աշխարհէն:

Յօդուած Սիմոն Միսակի Գրքեաշարեանի մասին: Լեւոն Խաչիկեանը 90 տարեկան, Մաշտոցի անուան

մատենադարանի հիմնադիրներէն եւ տնօրէն:

Աշխարհի եզակի թանգարան` մեր Մատենադարանի նոր մասնաբաժնի բացում: Սերգէյ Համբարձումեանի

մեծ ներդնումը այս կապակ - ցութեամբ: Թափառական հայ ձեռագիրներ հայրենիք կը վերադառնան:

Յօդուած Պօղոս Հայթաեանի մասին: Երուանդ Թոլոյեանը կը ներկայացնէ Հայ Պոլիսը: Փարիզի մէջ լոյսին

կու գայ Շաւարշ Միսաքեանի «Հայկաշէն» գիրքը:

Կոմիտաս վարդապետ եւ Խալիտէ Էտիպ: Տխուր յուշեր: Ձայնագրութիւններ օսմանցի սուլթանին նուիրուած:

Հեղինակը հայ: Վահէ Սամուէլեան` «Հայ Անցեալը Լուսա նկարներով»:

Զահրատի մասին Երուանդ Խաչատուրեանի վերլուծականը «Լուսեղէն Ճամբի անցորդը» վերնագիրին տակ:

Հայրենակցական գրադարան- 84 գիրքի ցանկ:

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 3

Page 4: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Յակոբ Աւետիքեանը կը ներկայացնէ Հալէպ հրատարակուած «Մարաշի Ասեղնագոր ծութիւն» ալպոմ գիրքը,

հեղինակ` Հրազդան Թոգմաճեան: Ներկայացուած է «Նոր Այնթապ» պարբերա կանի 2009ի թիւը, խմբագիր`

Թորոս Թորանեան: «Սեւ Գիրք» Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Ու գիրքեր, գիրքեր, ներկայացուած բազմատասնեակ գիրքեր Յօդուածներ «Բնօրրան»ի մասին ու

Հայրենակցական Արխիւ:

Բան մնա՞ց, որ «Բնօրրան» տարեգիրքը ներկայացուցած չըլլայ:

Ի վերջոյ «Բնօրրան»ի յաւելուածը Մուսթաֆա Նէտիմի գրիչէն, որ եղած է Ապտիւլ Համիտի նախկին

քարտուղարը: Ան 1936 թուականին Սոֆիայի մէջ Արշակ Ա. Շալճեանի կողմէ թարգմանուած ու

հրատարակուած գիրքով մը` «Հայ Եղեռնը» իմ վկայութիւնները» հատորով, իր իմացած բազում

գաղտնիքներէն մաս մը կու տայ, կը նկարագրէ Սուլթանին վարքն ու բարքը, կը պաշտպանէ հայութիւնը:

Վաւերագիր մը, զոր օգտագործել պէտք է Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով` երբ թուրք մը կը

բացայայտէ թուրքին թաքուն ծրագիրները այնքան յստակօրէն:

Շնորհակալութիւն յայտնել «Բնօրրան»ին իր առատօրէն մատուցած իրա՛ւ լուրերուն, եւ

մեկնաբանութիւններուն համար:

Երանի չէ՞ր, որ «Բնօրրան»ը աւելի յաճախ գար լոյսի:

Ո՞ւր են բարերար հայերը:

Պէյրութ, Լիբանան

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 4

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Page 5: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 5

Հայրենի Լուրեր

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՅ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զբօսաշրջային շուկան ամէն տարի կ’ընդլայնուի: Նոյնիսկ

նախորդ տարուան համեմատ զբօսաշրջիկներու թիւը աւելցած է, ինչպէս նաեւ աւելցած են առաջարկուող

զբօսաշրջային վայրերու թիւն ու բարելաւուած մատուցուող ծառայութիւններու որակը: Այս մասին կը

յայտնէ Արցախի “Ապառաժ” պարբերականը:

Եթէ 3-4 տարի առաջ զբօսաշրջիկները կ’այցելէին միայն Շուշի, Ստեփանակերտ, լաւագոյն պարագային`

Ամարաս ու Գանձասար, այսօր նաեւ կ’այցելեն Տիգրանակերտի պատմամշակութային հնագիտական

արգելոց, Տողի մելիքներու ապարանք-արգելոց, ուր Յուլիս 1-էն հնարաւոր կ’ըլլայ դիտել նաեւ Ղարաբաղի

1000-ամեայ անխափան պետականութեան վկայութիւնները:

Ամենակարեւորը զբօսաշրջային միջազգային ցուցահանդէսներուն մասնակցիլն է. 100 երկիրներէ

մասնակցող 1000-աւոր ընկերութիւներու

կողքին իբրեւ առանձին երկիր կը միանայ

նաեւ ԼՂՀ-ն: Այս մէկը ճանաչում կը բերէ

երկրին եւ կը կատղեցնէ Ատրպէյճանը:

Համացանցով եւ առանձին ցուցադ-

րութիւններով տարածուող գովազդային

հոլովակններն ու տպագիր գրակա-

նութիւնը նոյնպէս կ’օգնեն զբօսա-

շրջութեան զարգացման:

«Եթէ 5 տարի առաջ Արցախ էին

ժամանում միայն սփիւռքահայեր, ապա

հիմա մենք ունենք օտար զբօսաշրջիկների

մի ստուար զանգուած”. կը նշէ ԼՂՀ ԿԱ

զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջա-

վայրի պահպանման վարչութեան պետ

Սերգէյ Շահուերդեան:

Page 6: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 6

Google միջազգային որոնողական համակարգի քարտէզի` Google map-ի մէջ, Արցախը ներկայացուած է

իբրեւ “Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն”, իսկ Շուշիի, Ստեփանակերտի, Հադրութի եւ մի քանի այլ

տարածքներու անուանումները` նաեւ հայերէն տարբերակով: Սա Պաքուի զայրոյթի պատճառ դարձած է:

GOOGLE MAP-Ը ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԱՐՑԱԽԸ

Page 7: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 7

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան

Լիբանանեան վատ բարքերէն ազդուած ըլլալու երեւոյթ մը, դժբախտաբար վերջերս դրսեւորուեցաւ Շաբաթ 14 Յունիս 2014-ին Լիբանանի Պասքէթպոլի Ա. Դասակարգի աղջկանց ախոյեանութեան կիսաւարտական մրցումներուն ծիրին մէջ ՀԵԸ-Անդրանիկ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3-րդ մրցումին ընթացքին, ուր յիշեալ խումբերուն համակիրներուն միչեւ ո՛չ հայավայել եւ խստօրէն դատապարտելի անհաճոյ արարքներ տեղի ունեցան:

Վերոյիշեալ դէպքը ոչ միայն պատիւ չի բերեր Հայ ժողովուրդին, այլ կու գայ փաստելու թէ , մարզական խումբերն ու խաղերը քաղաքականացնելով եւ համայնքային պիտակ տալով՝ խաղադաշտի մը վրայ հին ու նոր ոչ մարզական հաշիւներ մաքրելու լիբանանեան վտանգաւոր երեւոյթը, որ կը սպառնայ մինչեւ իսկ երկրին ապահովութեան, խորապէս թափանցած է մեր մէջ: Մինչ մենք, փոխանակ լաւագոյն օրինակները հանդիսանալու մարզական բարձր ոգին լիբանանեան խաղադաշտ վերադարձնելու, մեր իսկ դաշտերուն վրայ ամենատգեղ երեւոյթով մը հանդէս կու գանք լիբանանեան մետիային ընդմէջէն հրամցուելու բազմամիլիոն հանրութեան:

Այս ուղղութեամբ այսօր ստացանք հաղորդագրութիւն մը հրապարակուած Պէյրութի ՀԵԸ-ի Մարզական Վարչութեան

եւ Պասքէթպոլի Յանձնախումբին կողմէ: ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ի խմբագրութիւնս դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատայ բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ վարի տողերով՝ ստորագրող կողմի պատասխանատուութեամբ, նոյնութեամբ կը հրատարակենք յիշեալ հաղորդագրութիւնը, մեր կողմէ կոչ ուղղելով երկու կողմերու պատասխանատուներուն անմիջապէս լծուիլ բաց երկխօսութեամբ եւ հայավայել ոգիով սրբագրելու եղածը ու պատշաճը տնօրինելու ընդդէմ այս միջադէպի պատասխանատուներուն եւ զայն հրահրողներուն՝ առաջքը առնելու համար ապագայի նմանօրինակ տգեղ արարքներու կրկնութեան:

«Խ»

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԵԸ-ի մարզական վարչութիւնը եւ պասքէթպոլի Յանձնախումբը իր վերջին նիստին անդրադառնալով Շաբաթ 14

Յունիս 2014-ին Լիբ. Պասքէթպոլի Ա. Դասակարգի աղջկանց ախոյեանութեան կիսաւարտական մրցումներուն ծիրին

մէջ ՀԵԸ-Անդրանիկ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3-րդ մրցումին տեղի ունեցած անախորժ պատահարներուն, իր ընդվզումը

արտայայտելով շեշտեց հետեւեալ նկատողութիւնները

ա.- Հակառակ ՀԵԸ-ի պատասխանատու մարմիններուն դրական կեցուածքներուն և մեր մարզական համակիրներու

օրինակելի ու մարզավայել պահուածքին, յատկապէս և հակառակ, ՀՄԸՄ-ի դէմ մեր մրցումներու ընթացքին նախապէս

պատահած բոլոր ոտնձգութիւններուն. այս բոլորով հանդերձ կարգ մը ՀՄԸՄ-ական համակիրներու կողմէ կը

շարունակուի թշնամական անվայել վարուելակերպը:

բ.- Յատկապէս Շաբաթ, 14 Յունիսի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին մէջ ՀԵԸ-Անդրանիկ- ՀՄԸՄ մրցումին տեղի ունեցածը կը

համարենք անվայել արարք: Անպատասխանատու մի ոմն անհատի մը արարքը ոչ մէկ կերպով կ’արդարացնէ

տասնեակներով ՀՄԸՄական համակիրներու յարձակումը հիւրընկալուող հայկական խումբի համակիրներուն

ուղղութեամբ, որոնք հանդարտ նստած խաղին կը հետեւէին:

գ.- ՀՄԸՄ-ի մարզական պատասխանատուներու կողմէ մեզի տրուած նախորդ եւ ներկայ խոստումները, նմանատիպ

անախորժ պատահարներ չկրկնուելու վերաբերեալ, ընդունելով հանդերձ որ անոնք անկեղծ են ու մեծապէս մտահոգ

են ստեղծուած մթնոլորտով, բայց եւ այնպէս կրկնուող պատահարները մեզ կը զարմացնեն:

դ.- Անհրաժեշտ է որ գործնական քայլեր որդեգրուին, որպէսզի հայկական մարզական ակումբներու

դաստիարակչական ոգիին անյարիր այս վարուելակերպը չկրկնուի՝ ա՛յլ կանխուի:

ՀԵԸ-ի Մարզական Վարչութիւնը եւ Պասքէթպոլի Յանձնախումբ

Page 8: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. «ՔԵՍԱՊԸ ՄԵՐ ՍԻՐՏԵՐՈՒՆ

ՄԷՋ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Հայկազեան համալսարանի Արուեստից կեդրոնին կազմակերպած «Քեսապը մեր սիրտերուն մէջ»

խորագիրը կրող հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 18 յունիս 2014-ի,

երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» պատկերասրահին մէջ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան, որ հրաւիրեց Հայկազեան համալսարանի

տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը` ցուցահանդէսին բացման առիթով իր խօսքը արտասանելու: Վեր.

Հայտոսթեան նախ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս Սուրիոյ պատերազմի ծանր հարուածները հասան նաեւ Թուրքիոյ

սահմանին վրայ գտնուող Քեսապ հայաւանը, որուն բնակիչները 21 մարտին տեղահան եղան իրենց

տուներէն: Ան հակիրճ կէտերով անդրադարձաւ Քեսապի ծագման, եւ ըսաւ, որ ան յետեղեռնեան

տարիներուն կազմուած շրջան չէ, հետեւաբար Քեսապ հայրենի եզերք է, հայրենի հող: Վեր. Հայտոսթեան

նշեց, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին մտայղացումը, ապա ծրագրումն ու կազմակերպումը:

Յիշեց նաեւ նպատակը, որ միտում ունի օժանդակել Քեսապին ու քեսապահայութեան: Հետեւաբար

վաճառքի դրուած գեղանկարներուն հասոյթին մէկ երրորդը պիտի յատկացուի Հայկազեան համալսարանի

քեսապցի նորագիր ուսանողներուն, իսկ մնացեալը` Քեսապի վերականգնման:

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 8

Ան իր խօսքի աւարտին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր հայ եւ օտար արուեստագէտներուն, որոնք

սիրայօժար տրամադրեցին իրենց պաստառները մարդկային այս ազնիւ գործին համար: Վեր. Հայտոսթեան

հրաւիրեց ներկաները վայելելու ցուցադրուած արուեստի գործերը եւ աղօթելու խաղաղութեան հաստատման

համար:

41 գեղանկարիչներու ներկայացուցած աւելի քան 51 պաստառները ստեղծեցին եթերային, նուրբ եւ

ներդաշնակ երանգներով արուեստի գեղեցիկ աշխարհ մը, ուր ներկաները հիացած կարեւորութեամբ

շեշտեցին արուեստի միջոցով մարդկային օգնութիւն կատարելու ազնիւ արարքը: Նշենք, որ ցուցահանդէսը

պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 21 յունիս 2014, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Page 9: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՍԵՆԱՏՈՐՆԵՐԸ ԿՈՂՄ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՒ

ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ ՕԳՆՈՒԹՅՈՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒՆ

ԱՄՆ Սենատի հատկացումների հանձնաժողովը 25 կողմ 5 դեմ ձայների ճնշող մեծամասնությամբ

հավանություն է տվել 2015 թ. (FY15) արտասահմանյան օգնության փաթեթին:

Ամերիկացի սենատորներն իրենց որոշմամբ հերթական անգամ հաստատել են ԱՄՆ հավատարմությունը

Լեռնային Ղարաբաղին ամերիկյան օգնություն ցուցաբերելու երկարամյա ծրագրին:

«Հանձնաժողովը առաջարկում է օգնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի զոհերին՝ նախորդ տարիների

համապատասխան չափով, ինչպես նաեւ հիմնախնդրի խաղաղ կարգավորման կոչ անում», - նշվում է

արտասահմանյան օգնության փաթեթին ամրագրված զեկույցում:

Լեռնային Ղարաբաղը Եվրոպայի եւ Հարավային ու Կենտրոնական Ասիայի տարածաշրջանի յոթ օգնություն

ստացողներից մեկն է, որն առանձին հիշատակվել էր քննարկման ժամանակֈ Ընդ որում՝ սենատորները

ոչինչ չեն նշել երկրների մեծամասնությանը ցուցաբերվող ԱՄՆ օգնության հստակ չափի մասին, այդ թվում

նաեւ՝ Կովկասի երկրներիֈ Այդպիսով, ըստ էության, սենատորները հավանություն են տվել Հայաստանին

օգնություն ցուցաբերելու գումարին, որն առաջարկել էր ԱՄՆ նախագահ Բարաք Օբաման՝ 20,7 միլիոն

դոլար՝ ուղղված Հայաստանի տնտեսության զարգացմանը, ինչպես նաեւ 1,7 միլիոն դոլար՝ Հայաստանին

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 115, էջ 9

արտասահմանյան ռազմական օգնություն

ցուցաբերելու շրջանակներում, եւ 600,000 դոլար՝

հայ զինծառայողների կրթության համարֈ Ընդ

որում՝ Օբամայի առաջարկը կարողանում է

պահպանել Հայաստանին եւ Ադրբեջանին

ցուցաբերված ամերիկյան ռազմական օգնության

հավասարությունըֈ

Ամերիկացի կոնգրեսմենները ծրագրում են

հունիսի 24-ին քննարկել արտաքին օգնության

օրինագծի իրենց տարբերակըֈ Երկու

նախագծերի հաստատումից հետո դրանք

կդիտարկվեն Ներկայացուցիչների պալատում՝

կոնգրեսմենների եւ սենատորների

մասնակցությամբ:

Page 10: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 11: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 12: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115
Page 13: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

Page 14: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115
Page 15: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115
Page 16: Friday 20 06 14, volume # 9, issue # 115

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +961 3 824 833 Հեռատիպ +1 647 435 0800

+374 77 00 22 11

+1 936 666 2011

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]