armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

17
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ «Արմէնիա» Պարբերականին Նուիրուած Հատորի Շնորհահանդէսը Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 53 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Ընկեր Սեւակ Յակոբեան Հայկական իրականութեան մէջ եւ ի սպաս Հայ դպրութեան ծնունդ առած ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ- ը, որուն նպատակն է առիթը տալ Հայ մտաւորականներու եւ բանասէրներու, իրենց մտքին պտուղը հանդիսացող գրական, ուսումնասիրական կամ այլ գործերը հանրութեան հրամցնելու եւ անոր սեփականութիւնը դարձնելու, արդէն իսկ տուած էր իր առաջին պտուղը՝ «ԱՐՄԷՆԻԱ» Պարբերականը Ազատագրական Գաղափարախօսութեան Ակունքներում» հատորը: Չորեքշաբթի 26 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Շնորհահանդէսը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող, ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-ի առաջին հրատարակութեան:

Upload: ramgavar-party

Post on 09-Mar-2016

218 views

Category:

Documents


0 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՊԷՅՐՈՒԹ

«Արմէնիա» Պարբերականին Նուիրուած

Հատորի Շնորհահանդէսը

Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 53 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Ընկեր Սեւակ Յակոբեան

Հայկական իրականութեան մէջ եւ ի սպաս Հայ դպրութեան ծնունդ առած ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-

ը, որուն նպատակն է առիթը տալ Հայ մտաւորականներու եւ բանասէրներու, իրենց մտքին

պտուղը հանդիսացող գրական, ուսումնասիրական կամ այլ գործերը հանրութեան հրամցնելու

եւ անոր սեփականութիւնը դարձնելու, արդէն իսկ տուած էր իր առաջին պտուղը՝ «ԱՐՄԷՆԻԱ» Պարբերականը Ազատագրական Գաղափարախօսութեան Ակունքներում» հատորը:

Չորեքշաբթի 26 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ

տեղի ունեցաւ Շնորհահանդէսը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական

Վարչութեան հովանիին տակ գործող, ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-ի առաջին հրատարակութեան:

Page 2: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 53 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Ընկեր Աւետիս Արսլանեան

Հայրենի պատմաբան Դոկտ. Սուրէն Սարգսեանի տարիներու

աշխատասիրութեան արդիւնքն էր, որուն գինեձօնի

հանդիսութիւնը կը կատարուէր, կուսակցական, միութենական

եւ մշակութասէր ընտրանիի մը ներկայութեամբ,

Օրուայ հանդիսավարը՝ ընկեր Մասիս Լէփէճեան ողջունելէ

ետք ներկաները, ընթերցեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան

օրուան յատուկ եւ հեղինակին ուղղուած Շնորհաւորագիրը,

որմէ ետք գիրքը ներկայացուց ընկեր Սեւակ Յակոբեան:

Ընկեր Յակոբեան սահիկներու վրայ գիրքին բովանդակութիւնը

հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք, անդրադարձաւ

ուսումնասիրութեան կարեւորութեան, շեշտը դնելով ու

հիմնուելով հեղինակին թէզին շատ կարեւոր

եզրակացութիւններուն վրայ, որոնք էին՝ ա. Հայոց

ազատագրական շարժումը անմիջական հետեւանքն էր

Թրքական բռնատիրութեան: բ. Հայկական կոտորածները

թրքական իշխանութիւններու կողմէ պետականօրէն

ծրագրուած էին եւ կ'իրականացուէին ամենադաժան ձեւերով: գ.

Եւրոպական մեծ տէրութիւնները Հայկական Հարցին կը

վերաբերէին բացառապէս իրենց շահերէն ելլելով: դ. «Երկաթէ

Շերեփի» քարոզի արդիւնքով ոտքի ելած Հայ ժողովուրդը

հասկցաւ, որ բռնատիրութենէն կրնայ ազատուիլ նախ եւ առաջ

սեփական ուժերու միջոցով: ե. Մկրտիչ Փորթուգալեանը, Մ.

Խրիմեանի, Գրիգոր Արծրունիի, Գամառ-Քաթիպայի, Ռաֆֆիի

եւ միւս մեծերու հետ դարաւոր իր քունէն ոտքի հանեց Հայ

Ժողովուրդը եւ մղեց զայն ազատագրական պայքարի:

Շաղկապեց արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներու

ազատագրական մղումները: Դաստիարակեց ամբողջ սերունդ

մը, որ առիթը ներկայանալուն պէս առանց երկմնտանքի իր

անձը զոհեց յանուն հայրենիքին: Հայ իրականութեան մէջ ոչ

միայն հրատարակեց առաջին ազատ լրագիրը՝ «Արմէնիա»-ն,

այլ նաեւ հոգեւոր սերմնացանը եղաւ Արմենական

Կուսակցութեան, որուն հիմքերուն վրայ հետագային ծնաւ Հայ

իրականութեան մէջ մեծ երախտիք ունեցող եւ այժմ ալ գործող

ՌԱԿ-ը:

Ընկեր Աւետիս Արսլանեան

Ընկեր Մասիս Լէփէճեան

Ընկեր Սեւակ Յակոբեան

Page 3: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 53 էջ 3

Գիրքին ներկայացումին յաջորդեց «Արմէնիա»-ով սկսած

Հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած

վաւերագրական ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը, ապա

ներկաներուն հրամցուեցաւ Կռունկ խումբին

կատարողութեամբ հայկական տոհմիկ գեղարուեստական

յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ

ընկեր Աւետիս Արսլանեանը:

Պահն էր հեղինակին սրտի խօսքին: Օրուայ հանդիսավարը

ներկայացուց պատմաբան Սուրէն Սարգսեանը նշելով, թէ

Դոկտ. Սարգսեանը ծնած է 1954—ին: Ան 1991-էն ի վեր

կ'աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան ԳԱԱ

Պատմութեան հիմնարկին մէջ, նախ որպէս կրտսեր ապա

աւագ գիտաշխատող: Ներկայիս ան ատենադպիրն է ՌԱԿ

Հանրապետական Վարչութեան: Դոկտ. Սարգսեան

հեղինակ է քանի մը բարձարժէք պատմական

մենագրութիւններու եւ աւելի քան 50 յօդուածներու,

հրապարակումներու եւ գրախօսականներու:

Իր մասին այս հակիրճ ներկայացումէն ետք բեմ

բարձրացաւ Դոկտ. Սարգսեանը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց,

թէ իր աշխատութիւնը արդիւնքն է տարիներու անխոնջ

աշխատանքի, որուն ընթացքին ինք ուսումնասիրած է հայ

քաղաքական մամուլի առաջնեկ «Արմէնիա»-ի գոյութիւն

ունեցող իւրաքանչիւր թիւը: Դաստիարակ ու խմբագիր

Մկրտիչ Փորթուգալեանի հիմնադրած այն անզուգական

պարբերականին, որ առաջին ու միակ երկրածին

կուսակցութեան՝ Արմենական Կուսակցութեան

գաղափարատարածիչն ու խօսափողն էր: Հեղինակը յիշեց,

թէ մինչեւ օրս, հակառակ իր կարեւորութեան եւ հակառակ,

որ շատեր 19-րդ դարավերջին փոթորկայոյզ

ժամանակաշրջանին արժեւորումը ընելու ընթացքին

անդրադարձած են թերթին մասին, սակայն «Արմէնիա»

թերթի պատմութիւնը յատուկ, առարկայական եւ առանձին

ուսումնասիրութեան նիւթ չէ եղած: Իր աշխատանքը կու

գար այդ բացը գոցելու հայ մատենագիտութեան եւ

պատմաբանասիրական դաշտին մէջ:

Ընկեր Աւետիս Արսլանեան

Ընկեր Աւետիս Արսլանեան

Ընկեր Աւետիս Արսլանեան

Ընկեր Դոկտ. Սուրէն Սարգսեան

Page 4: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

www.facebook.com/RAGmamoul

Ընկեր Դոկտ. Սուրէն Սարգսեան կը մակագրէ

իր աշխատասիրութենէն օրինակներ

Գինեձօնի պահուն ձախէն՝ աջ ընկերներ Սեւակ Յակոբեան, Միքայէլ Վայէճեան, Փրոֆ. Հրայր

Հովիւեան, Դոկտ. Սուրէն Սարգսեան, Յակոբ Գասարճեան , Արտաւազդ Մելքիսէթեան

Հայ դպրութեան տուած անմահ պտուղներուն վրայ

աւելցած այս նոր մատեանին շնորհահանդէսի

աւարտին, հեղինակը ներկաներուն համար

մակագրեց գիրքէն օրինակներ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 53 էջ 4

Ընկեր Դոկտ. Սուրէն Սարգսեան կը

մակագրէ իր աշխատասիրութենէն

օրինակներ

Պահը հասած էր աւանդական գինեձօնին: Հեղինակին ու ընթերցողներուն արեւշատութեան

համար ներկաներուն յոտնկայս աղօթքէն ետք, ՌԱԿ Մատենաշարի տնօրէն ըներ Սեւակ

Յակոբեան բեմ հրաւիրեց ձեռնարկին ներկայ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները,

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանն ու ՌԱԿ

Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը, հեղինակին հետ

միասնաբար կատարելու համար գինեձօնն ու կարկանդակի հատումը:

Page 5: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 6: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 7: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 8: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 9: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 10: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 11: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 12: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 13: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 14: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 15: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 16: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)
Page 17: Armenia barperaganin nuevirvadz hadori shuenorhahantes ue (1)

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]