ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ...
TRANSCRIPT
![Page 1: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/1.jpg)
«ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ»
Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍԻՆ
Պատրաստեց` Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան
ԱՆԹԻԼԻԱՍ 2016
![Page 2: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/2.jpg)
2
Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Սիրելի ընթերցող հաւատաց-
եալներ, պահեցողութիւնը կարեւոր տեղ գրաւած է եկեղեցւոյ հայրերուն հաւատքի կեանքին մէջ: Անոնք ընդարձակ կերպով անդրադարձած են պահեցողութեան կարեւորու-թեան մասին: Ստորեւ կը յիշենք անոնց խօսքերէն փունջ մը.
v Պահոց շրջանին ինչ որ ստամոք-
սէդ կը զրկես, աղքատներուն ձեռքը պէտք է դնես, որպէսզի քու անօթու-թեամբդ անօթի մը կշտանայ եւ մեղքերդ քաւուին (Յովհան Մանդակունի):
![Page 3: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/3.jpg)
3
v Պահեցողութիւնը միայն կերակու-րէն հեռանալը չէ, այլ նաեւ ու մանա-ւանդ` մեղքէն հեռանալը (Յովհան Ոսկե-բերան):
v Կենդանիներուն մէջ ո՞րն է առիւծի
պէս զօրեղ. բայց իր որովայնին պատճա-ռով ան ալ որոգայթի մէջ կ'իյնայ, եւ ա-նոր ամբողջ զօրութիւնը կը հպատակուի (Յովհաննէս Կարճահասակ):
v Մարդուն որովայնը մառանի նման
է, որ ոչինչ կը պահէ իր մէջ: Որքան շատ բան դրուած ըլլայ մեր որովայններու մառանին մէջ` այնքան մեծ կ'ըլլայ վնասը, որովհետեւ անիկա ոչինչ կրնայ պահել իր մէջ (Մեծն Բարսեղ):
![Page 4: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/4.jpg)
4
v Տիրապետէ որովայնիդ, երբ տա-կաւին անիկա անձիդ չէ տիրապետած (Յովհան Կղեմաքոս):
v Այնպէս ինչպէս երաշտ վայրերու
մէջ ամէն տեսակի բանջարներ չեն բուս-նիր, նոյնպէս ալ դատարկ ստամոքսները պիղծ խորհուրդներ չեն ծնիր:
Այնպէս ինչպէս պարարտ հողի մէջ զանազան տեսակի բանջարներ կը ծլին ու կ'աճին, նոյնպէս ալ կերակուրներու աղբով լեցուած ստամոքսները մշտապէս անմաքուր մտածումներ կ'արտադրեն:
Այնպէս ինչպէս խոնաւ հողը որդերը կը պարարտացնէ, նոյնպէս ալ յղփացած ստամոքսը` պիղծ մոլութիւնները (Յով-հան Մանդակունի):
v Պահեցողութիւնը մեր բարկու-
թիւնը զսպելն է, հեզութեան ճամբան
![Page 5: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/5.jpg)
5
ընտրելն է, մաքուր եւ ուղիղ սիրտ ունե-նալն է, մեզմէ վատ մտածումներն ու փափաքները հեռացնելն է, բարեգոր-ծութեան կեանք մը ապրիլն է (Մեծն Բարսեղ):
v Միայն ուտելիքներէ զրկուիլը չէ որ
պահք կը կոչուի, այլ նաեւ բոլոր տեսակի մեղքերէ մաքրուիլը. պա´հք է նաեւ չխօ-սիլը, մանաւանդ երբ մեզի ուղղուած հարցում մը չէ եղած կամ կարիքը չէ զգացուած խօսելու: Պա´հք է չքաւորու-թիւնը, աղքատութիւնը, աւելորդ ինչքե-րով չմտահոգուիլը, միայն օրուան կա-րիքները հոգալը եւ նոյն բաները Աս-տուծմէ խնդրելը: Պա´հք է խոնարհաբար տեղը մնալը, հաճոյքի եւ չարաշահու-թեան համար անօգուտ չշրջիլը: Պա´հք է արդուզարդ չկատարելը, չլուացուիլն ու չօծանուիլը: Պա´հք է քուրձէ հագուստ
![Page 6: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/6.jpg)
6
հագնիլը` միայն մերկութիւնը ծածկելու եւ ցուրտէն պաշտպանուելու համար: Պա´հք է երբ աչքը պիղծ բաներ չի դի-տեր, ականջը անվայել խօսքեր չի լսեր եւ սիրտը անմաքուր մտածումներ չ'ունե-նար: Պա´հք է փառք ու պատիւ չփնտռե-լը, չբարկանալը, չպոռալը, չնախանձիլը, վրէժ չլուծելը, ընկերոջ մօտ ինքզինք չարդարացնելը: Պա´հք է ագահ չըլլալը, լուրջ ըլլալը, հագուստներով չպարծե-նալը: Պա´հք է խոնարհութիւնը, հնա-զանդութիւնը եւ մաքուր սրտով բոլորը սիրելը: Պա´հք է միայն մեր բնութեան պահանջքին չափով քնանալն ու ապա ոտքի ելլելով գործելը եւ աղօթելը: Այս բոլորն է իսկական պահքը, որ շատ աւե-լի կ'արժէ քան կերակուրներու զրկանքը. պահքի շրջանին այս եւ նման բաներէ զրկուելէ վերջ է միայն որ կերակուրներէ
![Page 7: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/7.jpg)
7
զրկուիլը ընդունելի կը դառնայ (Յովհան Մանդակունի):
v Ինչպէս մարմնաւոր կերակուրը կը
գիրցնէ մարմինը, նոյնպէս ալ պահեցո-ղութիւնը կը զօրացնէ հոգին, եւ թռիչք կու տայ անոր, որպէսզի թռչի դէպի բար-ձունքները երկնային (Մեծն Բարսեղ):
v Անոնք որ ստամոքսին կը ծառա-
յեն, անհնար է որ Աստուծոյ հաւատա-րիմ ծառաները ըլլան: Իսկ անոնք որ պահեցողութեամբ իրենք զիրենք կը զրկեն, ո´չ միայն անօրէնութիւններու պղծութիւններէն կը սրբուին, այլեւ սուրբ Աստուածը իրենց մէջ կը բնակեցնեն (Յովհան Մանդակունի):
v Որկրամոլ մարդը երկու անգամ կը
տանջուի. նախ կը տանջուի, որովհետեւ
![Page 8: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/8.jpg)
8
կը մտածէ թէ ի´նչպէս կրնայ իր որովայ-նը լեցնել, իսկ երկրորդ անգամ կը տանջուի, երբ մարսողութեան դժուարու-թիւն կ'ունենայ: Պահեցողութիւն կատա-րող մարդը զերծ է յիշեալ երկու տան-ջանքներէն (Եփրեմ Խուրի Ասորի):
v Խիստ պահեցողութիւնը եւ ժուժ-
կալութեան առաքինութիւնը զօրաւոր են. անոնք կը շղթայեն մարմնի բոլոր ան-դամները եւ զանոնք կը զրկեն բոլոր տեսակի անպատեհ ցանկութիւններէն ու անմաքուր մտածումներէն, միտքերէ հե-ռու կը վանեն դեւերու յարձակումները, որոնք կ'ուզեն պղտորել ու պղծել մաքրը-ւածներուն սիրտերը: Որովհետեւ, պա-հեցողութիւնը շղթայի մը նման ամուր կը դարձնէ եւ կը պահէ բարոյական բոլոր առաքինութիւններն ու հաւատքի զօրու-թիւնը (Յովհան Մանդակունի):
![Page 9: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/9.jpg)
9
v Ճշմարիտ պահեցողը ան է, որ ինք-զինք հեռու կը պահէ ամէն տեսակի անմաքրութենէ, եւ դէմ կը դնէ իր լեզուին եւ անկէ բխող զրպարտողական ու դա-տապարտողական ամէն տեսակի խօս-քերու (Եփրեմ Խուրի Ասորի):
v Պահեցողութիւնը թշնամիին դէմ
հզօր աշտարակ մըն է, եւ Սատանայի բոլոր նետերուն դէմ` ամուր պարիսպ մը (Յովհան Մանդակունի):
v Անկարելի է որ կրակը ջուրի մէջ
վառի. նոյնպէս ալ ապաշխարութիւնը` առանց պահքի անկարելի է (Յովհան Ոսկեբերան):
v Պահեցողութեան առաքինութիւնը
մեծապէս կարեւոր է մեր բնութեան հա-մար եւ բազմաթիւ թերութիւններ խո-
![Page 10: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/10.jpg)
10
նարհ պահեցողութեամբ կը սրբագրուին. այդ իսկ պատճառով, երբ Աստուած մարդը ստեղծեց, անոր բնութիւնը խիստ պահեցողութեամբ օժտեց, եւ առաջին մարդուն որպէս առաջին պատուիրան խիստ պահեցողութիւնը պարտադրեց, որ է` արգիլուած ծառէն չճաշակել: Եթէ առաջին մարդը պահած ըլլար պահեցո-ղութեան պատուիրանը, առաքինի, ան-մահ եւ անմեղ կեանք մը պիտի ժառան-գէր եւ երկինքի մէջ ամէն տեսակի բա-րութիւններ պիտի վայելէր. բոլոր անոնք, որ պահեցին խիստ պահեցողութիւնը, բազմաթիւ վիշտերէ փրկուեցան (Յով-հան Մանդակունի):
v Պահեցողութիւնը զէնք մըն է որով
կը կռուինք մեղքի ալիքներուն դէմ եւ կը ճամբորդենք դէպի երկինք (Յովհան Ոս-կեբերան):
![Page 11: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/11.jpg)
11
v Խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ մեծն Դանիէլ առիւծներու ժանիքնե-րէն փրկուեցաւ. վայրագ գազանն անգամ չհամարձակեցաւ պահեցողի սուրբ մար-մնին մօտենալ. գազաններուն արգիլուե-ցաւ պահեցողին սուրբ մարմնին մօտե-նալ, որովհետեւ սուրբը չմօտեցաւ թա-գաւորին պիղծ զոհերով աղտոտած սե-ղանին:
Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ երեք երիտասարդները ազատեցան բոցավառ կրակէն եւ մարե-ցին իրենց մէջ կերակուրներու մոլու-թեան կիրքը եւ բաւարարուեցան քիչ մը ոսպով. մարեցին հնոցէն բարձրացող ահեղ կրակը, որովհետեւ ներսը զով ցօղ մը կը մխիթարէր պահեցողները...:
Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ Նինուէացիներու բազմա-մարդ քաղաքը փրկուեցաւ, որովհետեւ
![Page 12: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/12.jpg)
12
իրենց բոլոր անօրէնութիւններէն եւ չար վարքերէն դարձի եկան, քուրձով եւ մո-խիրով մեղմացուցին Աստուծոյ սաստիկ բարկութիւնը, եւ որովհետեւ անոնք իրենց անձերը պահքի եւ պաղատանքի, ողբի եւ հեծեծալից արտասուքներու են-թարկեցին, Աստուած ալ խնայեց իրենց հոգիներն ու մարմինները:
Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ Մովսէս աստուածադիր օրէնքները ստացաւ, որովհետեւ Քառաս-նօրեայ Պահեցողութեան մաքրութեամբ արժանի եղաւ Մաքուրին մերձենալու եւ բարեկամի մը նման բերան բերանի խօսելու Աստուծոյ հետ:
Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ Եղիա Թեսբացին սրբուե-ցաւ եւ իր մէկ խօսքով կրցաւ երկինքի դռները բանալ եւ գոցել եւ երկրի վրայ կրակ տեղացնել (Յովհան Մանդակունի):
![Page 13: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/13.jpg)
13
v Սքանչելի բան է պահքը, որով-հետեւ կը կոխկռտէ մեր մեղքերը փոշիի նման, եւ ծնունդ կու տայ ճշմարտու-թեան` ծաղիկի նման (Մեծն Բարսեղ):
v Պահեցողութեան շնորհիւ էր որ
մեր երանելի հայրերը առաքինի դար-ձան եւ անմարմին հրեշտակներու կեան-քը մարդկային մարմնի մէջ ապրեցան. երկրի վրայ իրենց երկրաւոր ցանկու-թիւնները սպաննեցին եւ իրենց հոգի-ները երկինքի մէջ ապրեցուցին. մերժե-ցին անցաւոր հաճոյքները, ստանալու համար անանցանելի բարիքները (Յով-հան Մանդակունի):
v Պահեցողութիւնը, աղօթքը, ողոր-
մութիւնը եւ բարեգործութիւնները մի-ջոցներ են որոնք մեզ կ'առաջնորդեն լեցուելու Սուրբ Հոգիով. բայց եթէ երբեք
![Page 14: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/14.jpg)
14
այս բոլորը մենք Քրիստոսի սիրոյն ու անուան փառքին համար չէ որ կը կա-տարենք` չենք լեցուիր Սուրբ Հոգիով եւ հանդերձեալին ալ վարձք չենք ստանար (Սերափիմ Սարովցի):
v Ճշմարիտ պահեցողութեան շնոր-
հիւ մեր հայրերը նշաններ եւ հրաշքներ կը կատարէին, դեւեր կը հանէին, հի-ւանդներ կը բժշկէին, մեռելներ կը կեն-դանացնէին, ջուրին վրայէն կը քալէին, արեւուն ընթացքը կը կասեցնէին (Յով-հան Մանդակունի):
v Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը օրը
մէկ անգամ կեր, յատկապէս չորս պահ-քերուն1 ժամանակ, եւ Տիրոջ հրեշտակ-
––––––––––––––– 1 Ակնարկութիւնը տարուան չորս եղանակներուն սկիզբին գտնուող պահքերուն է:
![Page 15: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/15.jpg)
15
ները հետդ պիտի մնան (Սերափիմ Սա-րովցի):
v Երբ առաջին սուրբերը ուզէին
Աստուծոյ մօտենալ, նախ պահքով կը մաքրուէին, ապա հաղորդութեան կը մօտենային եւ զԱստուած կը տեսնէին. իսկ անոնք որոնք իրենց անձերը պահ-քէն հեռու պահեցին` Աստուծոյ շնորհ-քէն հեռացան եւ բազմաթիւ տանջանք-ներով տանջուեցան (Յովհան Մանդա-կունի):
v Պոռնկութիւնը ծոմով կը բուժուի,
իսկ մտային փորձութիւնները` աղօթքով (Բարսեղ Մաշկեւորցի):
v Անոնք որոնք արհամարհեցին
պահքը, արհամարհուեցան Աստուծոյ
![Page 16: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/16.jpg)
16
կողմէ եւ զրկուեցան անոր ողորմութենէն (Յովհան Մանդակունի):
v Երբ մարմինը շատ ուտէ` կը սկսի
պատերազմիլ հոգիին դէմ (Սիմէոն Նոր Աստուածաբան):
v Պահք պահողները պէտք է որ
արթուն ըլլան, որովհետեւ Սատանան կրնայ կորուստի մատնել թէ´ պահեցողը եւ թէ´ պահեցողութիւնը, եթէ երբեք պա-հեցողը անպարկեշտ բամբասանքներ կատարէ, ինքզինք ուրիշներէն գերիվեր ցոյց տայ, կամ կերակուրները պիղծ նկատէ եւ կամ կեղծաւորներու նման պահեցողութիւն ընէ իր պահեցողու-թիւնը ուրիշներու նայուածքներէն հեռու պահելով, որպէսզի սնապարծ եւ կեղ-ծաւոր չերեւնայ, բայց կը փափաքի նաեւ որ իր ժուժկալութիւնը նկատուի ուրիշ-
![Page 17: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/17.jpg)
17
ներու կողմէ. եւ երբ ոչ ոք նշմարէ, ինք առիթը կը ստեղծէ իր խիստ պահեցո-ղութիւնը ցոյց տալու համար, որպէսզի մարդիկ սքանչանան զայն իրագործելու իր համբերութեան վրայ: Նման պահքեր ո´չ կը սրբեն եւ ո´չ ալ կ'արդարացնեն, այլ կը պղծեն եւ կորուստի կը մատնեն (Յովհան Մանդակունի):
v Ամէն օր նոյն ժամուն կեր, եւ կեր
միայն մարմինը ամրացնելու համար եւ ո´չ թէ հաճոյքի համար (Իսահակ Ասո-րի):
v Եթէ մէկը ժուժկալութիւն ցոյց տայ
ուտելիքներու նկատմամբ, բայց իր մարմնի միւս անդամները անժուժկալ պահէ, զուր են իր ճիգերը: Հետեւեալը ըսել կ'ուզեմ.- Եթէ մէկը իր լեզուն չզսպէ, աչքերուն, ականջներուն, մտածումնեուն
![Page 18: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/18.jpg)
18
եւ հոգիին վրայ չհսկէ, ընկերոջ դէմ ոխ պահէ, եղբօրը դէմ ատելութիւն ունենայ, կամ կեղծաւոր կերպով բարեկամութիւն հաստատէ անոր հետ, ընկերոջը խոնար-հութեամբ չծառայէ, եւ պահք պահելուն համար` պատիւի ու փառքի հետամուտ ըլլայ, նման անձ մը ամբողջութեամբ պիտի խելագարի Սատանային դրդու-մով: Նման պահեցողութիւն մը խոնարհ պահեցողութիւն մը չէ, այլ` խաբեբայ, կեղծաւոր, անպէտք եւ ծոյլ պահեցողու-թիւն մը, որ կրակի մէջ կ'այրի եւ ջուրին մէջ կը հալի... (Յովհան Մանդակունի):
v Քառասնօրեայ Պահեցողութեան
ժամանակ երբ խիստ պահեցողութիւն կ'ընենք, կը մեռնին մեր բոլոր ցանկու-թիւնները, կը մարի մեր բարկութիւնն ու ցասումը, կը հանդարտի ու կը խաղաղի
![Page 19: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/19.jpg)
19
ամէն խռովութիւն որ յառաջ կու գայ որկրամոլութենէ (Մեծն Աթանասիոս):
v Կան մարդիկ, որոնք երբ ուզեն
պահեցողութիւն ընել, նախ կը լուաց- ւին, կ'օծանուին, իրենց ստամոքսը կը լեցնեն, որկրամոլութեամբ եւ արբեցու-թեամբ կը շուայտանան եւ ապա կը մտնեն խիստ պահեցողութեան մէջ: Ի՞նչ անունով անուանենք նման մարդիկ. պահեցո՞ղ, թէ` արբեցող. ժուժկա՞լ, թէ` որկրամոլ. ճգնաւո՞ր, թէ` անառակ. ան-կարելի է պղծութեան մէջ սրբութիւն գտնել, եւ մեղքի մէջ` արդարութիւն. ո´չ ոք պոռնկութեամբ կրնայ կուսութիւն ստանալ, կամ զեղխութեամբ ու արբե-ցութեամբ` պահքի մաքրութիւն: Կարելի բան չէ որ նախ պոռնկութիւն ընէ մէկը եւ ապա կոյս դառնայ, զեղխութիւն ընէ ու գինովնայ եւ ապա սրբութեամբ պահեցո-
![Page 20: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/20.jpg)
20
ղութեան մէջ մտնէ: Կարելի բան չէ որ պոռնիկը կոյս դառնայ, եւ գինովը` պա-հեցող ու ճգնաւոր: Որովհետեւ, կոյսը իր կուսութեամբ է որ կը ստանայ իր կու-սական պսակը եւ ո´չ թէ պոռնկութեամբ. պահեցողը իր ժուժկալութեամբ է որ կը ստանայ պահքի վարձատրութիւնը եւ ո´չ թէ արբեցութեամբ, զեղխութեամբ եւ շուայտութեամբ (Յովհան Մանդակունի):
v Մի´ անտեսեր Քառասնօրեայ Պա-
հեցողութիւնը: Անիկա կը սորվեցնէ մեզի քալել կեանքի այն ճամբայէն որ Քրիս-տոս ինք քալեց. Քրիստոսի կեանքին նմանող կեա´նք կը շնորհէ մեզի (Մեծն Անտոն):
v Պահքի միջոցաւ կը բժշկուին մեղ-
քերով վիրաւորները, կ'ազատագրուին Սատանային գերի դարձածները. կը վե-
![Page 21: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/21.jpg)
21
րականգնին անոնք` որ ամբարշտու-թեամբ հիւանդացած են, կը մաքրագոր-ծըւին անոնք` որ պղծութեամբ աղտո-տած են, կը լուսաւորուին անոնք` որ մոլորութեան պատճառով խաւարի մէջ են (Յովհան Մանդակունի):
v Պահք պահողները կը մաքրուին
ու կ'արդարանան իրենց բոլոր յանցանք-ներէն եւ ճառագայթող լոյսով մը կ'ա-ռաջնորդուին դէպի Աստուծոյ ահաւոր բայց լուսաւոր ատեանը, ժառանգելու համար անանցանելի բարութեանց վա-յելչութիւնը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստո-սի հետ (Յովհան Մանդակունի):
v Դիւահարութեան եւ պոռնկութեան
զոյգ ախտերը պահքով եւ աղօթքով կը բուժուին միայն: ... Ծոմապահութեամբ մարմինը կը չարչարուի ու կը տկարա-
![Page 22: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/22.jpg)
22
նայ, եւ եթէ ուզէ անգամ, չի կրնար պոռնկիլ: Այսպէս, օրինակ, կը պատմուի թէ վաւաշոտ մարդ մը գեղեցիկ եւ ազնը-ւական կին մը կը սիրէ ու անոր հաւա-նութիւնը կը խնդրէ. կինը անոր կ'ըսէ. «Եթէ հետս անօթի մնաս մինչեւ քեզ կերակուրի կանչելս, ուզածդ թող ըլլայ»: Մարդը կը համաձայնի: Կինը երկու օր, հետը նաեւ մարդը, ծոմ կը պահեն: Եր-րորդ օրը կինը կը պատրաստէ սեղան մը եւ շքեղ անկողին մը, եւ կանչելով մար-դը` անոր կ'ըսէ. «Ի՞նչպէս կ'ուզես, անկո-ղի՞ն մտնենք, թէ ճաշենք»: Մարդը կ'ա-ղաղակէ. «Կը հրաժարիմ անկողինէն, որովհետեւ աշխարհի բոլոր կիները կ'ա-տեմ հիմա, բայց կ'ուզեմ ճաշել, որպէսզի սովէ չմեռնիմ»: Տեսա՞ր, թէ երբ ծոմ չէր պահած ինչպէս կը նեղուէր ախտէն, իսկ պահեցողութենէն ետք` բժշկուեցաւ ան-կէ (Բարսեղ Մաշկեւորցի):
![Page 23: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/23.jpg)
23
v Փայտը որքան շատ ըլլայ` կրակը այնքան ուժեղ կ'ըլլայ: Նոյնպէս ալ, որովայնի կերակուրները որքան շատ ըլլան` մարմնի տռփանքը այնքան շատ կ'ըլլայ (Հայր Ղեւոնդիոս):
v Աւելորդ կերակուրները մարմինը
կը վերածեն չափէն աւելի բեռնաւորուած նաւի, որ ալիքներու նուազագոյն շար-ժումով մը կը խորտակուի (Հայր Ղե-ւոնդիոս):
v Հոգին ոչ մէկ բանով կը խոնարհի
այնքան` որքան եթէ մէկը կերակուրի մէջ ժուժկալ ըլլայ: Երբ Դաւիթ առիւծի հետ կը մարտնչէր, անոր կոկորդէն կը բռնէր: Մենք եւս, եթէ մեր կոկորդն ու որովայնը զսպենք, Աստուծոյ օգնու-թեամբ պիտի կարենանք անտեսանելի
![Page 24: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/24.jpg)
24
առիւծին` Սատանային յաղթել (Աբբա Պիմէն):
v Քանի որ պահք չպահեցինք, անոր
համար ալ դրախտէն դուրս դրուեցանք. ուրեմն, պահք պահենք, որպէսզի նորէն դրախտ մտնենք (Մեծն Բարսեղ):
v Երբ մարմինէն կը խլես` հոգիին
ո´ւժ է որ կու տաս (Մեծն Բարսեղ): v Ով որ պահք կը պահէ առանց խո-
նարհութեան, իր պահեցողութեամբ զԱստուած է որ կը բարկացնէ (Եփրեմ Խուրի Ասորի):
v Անոնք որոնք կը հրաժարին կե-
րակուրէն, բայց իրենք զիրենք մեղքի մէջ կը պահեն, կը նմանին Սատանային, որ
![Page 25: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/25.jpg)
25
թէպէտ բան մը չ'ուտեր, եւ սակայն չի դադրիր մեղանչելէ (Մեծն Բարսեղ):
v Մարմնի պահքը հոգիի կերակուրն
է (Յովհան Ոսկեբերան): v Հաստ որովայնը նուրբ միտք չի
ծնիր (Յովհան Ոսկեբերան): v Մաքսաւորը որ պահք չէր պահեր`
փրկուեցաւ, մինչդեռ Փարիսեցին որ պահք կը պահէր` չփրկուեցաւ, որպէսզի ցոյց տրուի մեզի, թէ պահքը մեզ չի փրկեր, եթէ երբեք անոր չ'ընկերանայ Աստուծոյ պատուիրաններուն մեր հնա-զանդութիւնը (Յովհան Ոսկեբերան):
v Եթէ պահք կը պահենք բայց Աս-
տուծոյ պատուիրանները չենք պահեր`
![Page 26: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/26.jpg)
26
բանով մը չենք օգտուիր (Յովհան Ոս-կեբերան):
v Պահեցողութիւնը դեղի նման է:
Ինչպէս դեղը օգտակար կը դառնայ մեզի եթէ գիտնանք զայն գործածելու կերպը, եւ կը վնասէ մեզի` եթէ չգիտնանք զայն գործածելու կերպը, նոյնպէս ալ, պահքը թէպէտ շատ օգտակար կը դառնայ մեզի, բայց եթէ զայն կիրարկելու կերպը չգիտ-նանք` մեծ վնասներ կը կրենք (Յովհան Ոսկեբերան):
v Պահք կը պահե՞ս: Գործերովդ
ներկայացուր ինծի պահք պահելուդ ապացոյցը. եթէ կը տեսնես աղքատ մարդ մը` գթա´ ու օգնէ´ անոր. եթէ կը տեսնես թշնամի մը` հաշտուէ´ անոր հետ. եթէ կը տեսնես բարեկամ մը որ
![Page 27: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/27.jpg)
27
պատիւի կ'արժանանայ` մի´ նախանձիր (Յովհան Ոսկեբերան):
v Միայն բերանդ պահք թող չպահէ,
այլ նաեւ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ, եւ մարմնիդ բոլոր անդամները: Թող ձեռքերդ պահք պահեն` հեռու կե-նալով կողոպուտէ ու ագահութենէ: Թող ոտքերդ պահք պահեն` հեռու մնալով աղտոտ տեղեր երթալէ: Թող ականջներդ պահք պահեն` հեռու մնալով չարախօ-սութիւններ լսելէ: Թող աչքերդ պահք պահեն` հեռու մնալով գեղեցիկ դէմքե-րու անմաքուր նայուածքներ ուղղելէ: Նայիլը` պտուղն է աչքերուն, բայց եթէ արգիլուած բաներու նայինք` կը քանդը-ւի մեր պահեցողութիւնը եւ կը վտան-գըւի մեր հոգիի ապահովութիւնը: Բայց եթէ աչքը մաքուր կերպով նայի ամէն
![Page 28: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/28.jpg)
28
բանի` կը զօրացնէ մեր պահեցողութիւնը (Յովհան Ոսկեբերան):
v Ստամոքսիդ հետ` բերանդ ալ
պահք թող պահէ: Ինչո՞վ կ'օգտուիս երբ բերանով միս ու ձուկ չես ուտեր, բայց զրպարտողական խօսքերովդ կ'ուտես միսը քու եղբայրներուդ ու քոյրերուդ: Այս կատարելով, դուն քեզ է որ կը կոր-ծանես (հմմտ Գղ 5.15) (Յովհան Ոսկեբե-րան):
v Ամէն պահք պահող հիմնական
երեք բան պէտք է կատարէ.- ա) Գէշ բան բնաւ պէտք չէ խօսի իր
նմանին մասին: բ) Ոեւէ մէկը թշնամի պէտք չէ նկա-
տէ: գ) Բնաւ երդում պէտք չէ ընէ (Յովհան
Ոսկեբերան):
![Page 29: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/29.jpg)
29
v Եթէ չես ներեր մարդոց որոնք քեզի դէմ մեղք գործած են, զուր տեղ պահք մի´ պահեր: Աստուած չ'ընդունիր պահքդ, եթէ երբեք դուն չես ընդունիր ներել եղբօրդ: Ան որ իր սրտին մէջ եղբօր հանդէպ ատելութիւն ունի եւ պահք կը պահէ` զԱստուած է որ կ'ատէ, եւ հեռու է փրկութենէն (Իկնաթի Պրեանչանինով):
v Աղօթք մը որուն հիմը պահեցո-
ղութիւնն է` կը դառնայ մեծագոյն առա-քինութիւնը (Յովհաննէս Քրոնսթատցի):
v Անօթի գայլը կը հետապնդէ նախի-
րը, իսկ պոռնկութեան դեւը` իրենց փորը լեցնողները: Հացդ չափով կեր, ջուրդ ալ չափով խմէ, եւ տես թէ ինչպէս պոռնկու-թեան դեւը քեզմէ պիտի փախչի (Աբբա Եւագր Պոնտացի):
![Page 30: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/30.jpg)
30
v Երբեք չի կրնար կատարեալ մաք-րութեան հասնիլ այն անձը, որ կը խորհի թէ լոկ մարմնական պահեցողութեամբ կրնայ կատարեալ մաքրութիւն ձեռք ձգել, եթէ երբեք չգիտակցի որ պահեցո-ղութեան նպատակն է` մարմինը խո-նարհեցնելը, որպէսզի անկէ ետք, աւելի դիւրութեամբ կարող ըլլայ պայքարի մէջ մտնել այլ կիրքերու դէմ (Աբբա Սրա-պիոն):
v Դեւերու պարագլուխը անկեալ
Արուսեակն է, իսկ կիրքերու գլուխը` շատակերութիւնը (Յովհան Կղեմաքոս):
v Տիրապետա՞ծ ես որովայնիդ. լեզ-
ւիդ ալ տիրապետէ, որովհետեւ եթէ լեզուիդ չես տիրապետած` որովայնիդ ստրկութենէն ազատագրութիւնը օգուտ չի բերեր քեզի (Նեղոս Սինայեցի):
![Page 31: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/31.jpg)
31
v Գացէք ու միս կերէք, միայն թէ իրարու միս մի´ ուտէք (Խրիմեան Հայ-րիկ):
v Եթէ քեզ կը գրգռէ շատ ու համեղ
կերակուրի հեշտանքը, յիշէ անկէ յառա-ջացող գարշահոտութիւնը եւ իսկոյն կը հանգստանաս (Աբբա Եսայի):
v Աղօթքով, պահքով, սիրով, շնոր-
հալից յոյսով եւ բաղձալից մղումով, զգուշօրէն պատրաստ եղիր Աստուծոյ կամքը կատարելու (Ս. Գրիգոր Լուսաւո-րիչ):
v Հիւանդութիւն կայ որ դեղով կը
բուժուի, եւ հիւանդութիւն ալ կայ` որ պահեցողութեամբ կը բուժուի (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):
![Page 32: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/32.jpg)
32
v Պահք կը պահե՞ս: Եթէ պահք կը պահես` կերակրէ անօթին, ջուր տուր ծարաւին, այցելէ հիւանդին, մի´ մոռնար բանտարկեալը, գթա´ տառապողին, մխիթարէ´ սգաւորն ու ողբացողը, եղիր ողորմած, խոնարհ, ազնիւ, խաղաղ, համբերատար, կարեկցող, ներող, երկիւ-ղած, ճշմարտասէր եւ բարեպաշտ, որ-պէսզի Աստուած ընդունի պահեցողու-թիւնդ եւ պարգեւէ քեզի ապաշխարու-թեան պտուղներ (Մեծն Բարսեղ):
v Ով որ առողջ եւ ուժեղ է, կրնայ
ինքզինք հեռու պահել պարարտ եւ ախորժելի կերակուրներէն ու ըմպե-լիքներէն, կամ ուտելու մէջ ժուժկալ ըլլալ, որպէսզի ճնշէ մարմինը եւ մեռցնէ զգայական բաղձանքներու ախտաւոր կիրքերն ու անառակ ցանկութիւնները, որպէսզի կարող ըլլայ իր մարմնի ան-
![Page 33: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/33.jpg)
33
դամները ծառայեցնել Աստուծոյ (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):
v Քառասնօրեայ Պահեցողութեան
ժամանակ, ամենօրեայ դրութեամբ եկե-ղեցի գալը ու քարոզ լսելը օգուտ մը բե-րելու փոխարէն` դատապարտութիւն կը բերեն մեզի, եթէ երբեք չփոխուի մեր կեանքի ընթացքը: Եթէ դուն քեզ որոշ կերակուրներէ եւ գինիէ հեռու պահեցիր, բայց վարք ու բարքիդ մէջ նոյնը մնացիր` բանով մը չես օգտուիր: Եթէ ճշմարիտ պահք պահող ես` պէտք է դադրեցնես բարկութիւնը եւ դառնաս ազնիւ, պէտք է դադրեցնես անգթութիւնը եւ դառնաս սիրալիր. ա´յս է ճշմարիտ պահքը որ քեզ երկինք կը բարձրացնէ (Մեծն Բարսեղ):
v Երբ մարմինը կերակուրներով կը
զօրանայ` հոգին կը տկարանայ, իսկ երբ
![Page 34: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/34.jpg)
34
մարմինը պահեցողութեամբ կը տկարա-նայ` հոգին կը զօրանայ (Պօղոս Ադրիա-նապոլսեցի):
v Պահքը չի կարճցներ մարդուն
կեանքը, ընդհակառակը` կ'երկարէ զայն (Օգոստինոս):
v Պէտք է ծոմով, պահեցողութեամբ
ու ժուժկալութեամբ ճնշել մարմինը, որ-պէսզի հլու հպատակութեամբ մինչեւ վերջ ծառայէ Աստուծոյ (Պօղոս Ադրիա-նապոլսեցի):
v Պահքը կը մաքրէ հոգին, կը նորոգէ
միտքը, մարմինը կ'ենթարկէ հոգիին, կը խոնարհեցնէ սիրտը, կը փարատէ կաս-կածամտութեան ամպը, կը մարէ ցան-կութեան կրակը, եւ կը վառէ բարեպաշ-տութեան ճշմարիտ լոյսը (Օգոստինոս):
![Page 35: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/35.jpg)
35
v Եթէ անձ մը պահքը աւելորդ ու անօգուտ նեղութիւն համարելով կը գայթակղի եւ ուրիշներն ալ կը գայթակ-ղեցնէ, մեծապէս կը մեղանչէ, որովհետեւ իր վերաբերմունքով կը դատէ այն սուրբ հայրերը, որոնք Սուրբ Հոգիով սահմա-նեցին եկեղեցւոյ կանոնները (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):
v Որքան շատ ըլլան պահեցողու-
թեան մեր օրերը` այնքան լաւ կ'ըլլայ բժշկութիւնը: Որքան երկար ըլլայ ժուժ-կալութեան ժամանակաշրջանը` այնքան աւելի ապահով կ'ըլլայ փրկութեան ձեռք բերումը (Սերափիմ Սարովցի):
v Աստուած է ամէն բանի գերագոյն
Տէրը, եւ ինչ բարիք որ տուած է մեզի` անոնց տասանորդը կը պահանջէ մեզմէ: Տասանորդը պարտք մըն է որ պէտք է
![Page 36: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/36.jpg)
36
վճարել Աստուծոյ: Մարդը իր պահեցո-ղութեամբ է որ իր մարմնի պարտքը կը հատուցանէ Աստուծոյ (Պօղոս Ադրիա-նապոլսեցի):
v Մարմնին այնքան ուտելիք տուր
որքան պէտք է իրեն եւ դուն բնաւ վնաս պիտի չկրես, նոյնիսկ եթէ օրը երեք ան-գամ չուտես: Եթէ օրը մէկ անգամ ուտես բայց ատիկա հոգեւոր գիտակցութեան մը արդիւնքը չըլլայ` բանով մը չես օգտուիր (Սիմէոն Նոր Աստուածաբան):
v Ինչպէս երկրաւոր իշխանութիւն-
ներ ապստամբ կը համարեն այն մարդը որ իր հարկը չի տար, նոյնպէս ալ Աստ-ւած ապստամբ կը համարէ այն մարդը որ պահեցողութեամբ իր մարմնի հարկը չի տար իրեն (Պօղոս Ադրիանապոլսե-ցի):
![Page 37: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/37.jpg)
37
v Պահեցողը պէտք է ուտէ միայն այնքան, որ մահկանացու մարմինը կա-րենայ ոտքի մնալ, եւ դառնայ բարեկամ եւ օգնական հոգիին` իր մէջ առաքինու-թիւններ ծաղկեցնելու (Սերափիմ Սա-րովցի):
v Երբ մէկը պահեցողութեան կամա-
ւոր յօժարութեամբ կը ճնշէ մարմինը, ցոյց տուած կ'ըլլայ որ իր մէջ սէրը կա-տարեալ է Աստուծոյ հանդէպ (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):
v Պահք պահող մեր սուրբ հայրերը
մէկ անգամէն խիստ պահեցողութեան չդիմեցին, այլ աստիճանաբար վարժուե-ցան ու կարող դարձան նուազագոյն ուտելիքով բաւարարուելու: Հակառակ այս իրողութեան, անոնք բնաւ տկարու-թիւն չճանչցան, այլ առողջ էին եւ միշտ
![Page 38: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/38.jpg)
38
պատրաստ գործելու: Հազուադէպ հի-ւանդութիւն կ'ըլլար անոնց մէջ, եւ իրենց կեանքը տարօրինակ կերպով երկար կ'ըլլար (Իգնատիոս Աստուածազգեաց):
v Պահքը չի վերաբերիր միայն ճա-
շակելիքին, այսինքն` բերանին, որ պէտք է հեռու մնայ պարարտ կերակուրներէն, այլ` բոլոր զգայարանքներուն: Որովհե-տեւ, պահքի նպատակն է` մտքի մաք-րութիւնն ու սրտի սրբութիւնը, որոնք կրնան արատաւորուիլ. նաեւ աչքերով նայիլը, ականջներով լսելը, ռունգերով հոտոտելը ու շօշափելիքներով զգալը. ուստի հարկ է որ պահքի օրէնքը ասոնց վրայ եւս կիրարկուի: Անօգուտ է միայն բերանով պահք պահելը, եւ միւս զգայա-րանքներով չզգուշանալը մեղքի պատ-ճառներէն: Ուրեմն, մարդը պէտք է ինք-զինք հեռու պահէ ո´չ միայն պարարտ
![Page 39: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/39.jpg)
39
կերակուրներէն, այլ նաեւ մեղքի բոլոր պատճառներէն (Պօղոս Ադրիանապոլ-սեցի):
v Պահեցողութեան ժամանակ երբ
պահեցողին մարմինը կ'ըլլայ թեթեւ ու նիհար, այն ատեն, անոր հոգեւոր կեան-քը կը հասնի իր կատարելութեան, ինք-զինք կը յայտնէ հրաշալի յայտնութիւն-ներու միջոցաւ, եւ հոգին իր գործերը կը գործէ մարմնին մէջ որ ալ կարծէք դադ-րած է մարմին ըլլալէ: Անոր արտաքին զգացումները կը շիջին, եւ միտքը որ կը մերժէ աշխարհը` երկինք կը բարձրա-նայ, եւ ամբողջութեամբ կը մխրճուի հոգեւոր աշխարհի կենցաղակերպին մէջ (Իգնատիոս Աստուածազգեաց):
v Կան մարդիկ որոնք պահք կը պա-
հեն բայց վարձք չեն ստանար: Այսպէս,
![Page 40: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/40.jpg)
40
օրինակ, ժլատը պահք կը պահէ, որպէս-զի դրամ չծախսէ. կեղծաւորը պահք կը պահէ, որպէսզի մարդիկ զինք գովեն. տկարը պահք կը պահէ, որպէսզի մար-մինը չվտանգուի. աղքատը պահք կը պահէ, որովհետեւ կերակուր չունի: Այս-պիսի մարդիկ պահք կը պահեն իրե´նց անձերուն համար եւ ո´չ թէ Աստուծոյ համար, եւ անոր համար ալ ոեւէ վարձք չեն ստանար: Սակայն, իրականութեան մէջ, պահքը պէտք է ըլլայ միայն Աստու-ծոյ փառքին համար (Պօղոս Ադրիանա-պոլսեցի):
v Պահքը կը բժշկէ հիւանդութիւն-
ները, դուրս կը շպրտէ չար ոգիները (Մտ 17.21), կը հեռացնէ վատ խորհուրդները եւ կը մաքրէ մեր սիրտը (Դիխոն Զա-տոնսքցի):
![Page 41: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/41.jpg)
41
v Պահեցողութիւնը ոչ միայն հոգի-ին համար կարեւոր է, այլ նաեւ մարմնին համար օգտակար է ու պիտանի, ահա թէ ինչու, նոյնիսկ բժիշկները մարմնի ա-ռողջութեան համար պահք պահել կը պատուիրեն: Ուստի, ով որ կը տրտնջայ եկեղեցւոյ կանոնական պահքին դէմ եւ զեղխութեամբ անձնատուր կ'ըլլայ կերա-կուրներ եւ ըմպելիքներ ըմբոշխնելու, ո´չ միայն իր հոգիին կը վնասէ` զայն հպա-տակեցնելով զօրաւոր կիրքերու, այլեւ կը վնասէ իր մարմնին` զայն ենթարկելով զանազան ախտերու ու հիւանդութիւն-ներու (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):
v Պահքը մայրն է առողջութեան, ըն-
կերն է զգաստութեան ու ողջախոհու-թեան, եւ ընկերակիցն է մտքի հեզու-թեան (Ասդերիոս Ամասիացի):
![Page 42: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/42.jpg)
42
v Պահքը ծնունդ կու տայ մարգարէ-ներու եւ կը զօրացնէ զօրաւորը: Պահքը օրէնք տուողը կը դարձնէ իմաստուն: Պահքը պահպանակն է հոգիին եւ հաս-տատ ընկերակիցը մարմնին, ...: Պահքը կը վանէ փորձութիւնները եւ մեզ կ'օծէ ու բարեպաշտ կը դարձնէ: Պահքը հոգեւոր արթնութեան ընկերակիցն է եւ հնարի-չը` ողջախոհութեան (Օգոստինոս):
v Պահեցողը պատերազմի ժամա-
նակ քաջօրէն կը կռուի, իսկ խաղաղու-թեան ժամանակ` կը սորվեցնէ հանդար-տութիւն (Օգոստինոս):
v Անոնք որոնք մարմնի մէջ են` չեն
կրնար հաճելի ըլլալ Աստուծոյ. խօսքը նիւթական մարմնի մէջ ըլլալու մասին չէ, այլ` մարմնին կամքը կատարելու մա-սին. եկէք սիրելիներ, մեր մարմինները
![Page 43: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/43.jpg)
43
կրթելու համար պահք պահենք (Տերտու-ղիանոս):
v Պահքի ժամանակ միայն հաց կեր
ու ջուր խմէ: Եւ այն օրը որ կերակուր չուտես, քու չկերած կերակուրիդ գինը պէտք է որբի մը կամ որբեւայրիի մը տաս (Հերմաս):
v Իսկական քրիստոնեայ մարդը որ-
քան ալ տքնաջանօրէն աշխատի եւ որ-քան ալ բարի գործեր կատարէ, կը զգայ թէ ինք ոչինչ կատարած է: Այսպիսին եթէ պահք պահէ, խոնարհաբար կ'ըսէ. «Ասի-կա պահք չէ»: Եթէ աղօթէ` կ'ըսէ. «Ասի-կա աղօթք չէ»: ... Եթէ արդար է` կ'ըսէ. «Ես արդար չեմ, ես ցաւ յանձն չեմ առներ ինչպէս պէտք է առնեմ» (Մակարիոս Եգիպտացի):
![Page 44: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/44.jpg)
44
v Եթէ կանոնաւոր ձեւով պահք կը պահես` մի´ հպարտանար: Աւելի լաւ է որ միս ուտես, քան թէ պահած պահքիդ պատճառով հպարտանաս եւ ինքզինքդ փառաւորես (Աբբա Իսոտոր):
v Վարդան Այգեկցին խօսելով պա-
հեցողութեան կարեւորութեան մասին` կ'ըսէ.-
Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ գիտնալ եւ ճառել, թէ որքա՜ն բարի է պահքը Ադամի որդիներուն համար, եթէ երբեք զայն կը սիրեն: Միայն Աստուծոյ յայտնի է այն մեծութիւնն ու շահը որ պահքէն յառաջ պիտի գար մարդուն համար: Այդ պատ-ճառով էր որ Աստուած Ադամին տուաւ առաջին պատուիրանը, որ էր` ար-գիլուած ծառին պտուղէն չուտելը (Ծն 2.17): Որովհետեւ դրախտին մէջ Ադամը
![Page 45: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/45.jpg)
45
հրեշտակներու նման սակաւապետ2 էր, եւ անոր կենակիցը` պահքն էր: Բայց Ադամ չհաւատաց Աստուծոյ պատուի-րանին, որովհետեւ չէր գիտեր թէ որքան բարի բան էր պահքը, եւ պտուղը ճա-շակելով` արտաքսուեցաւ դրախտէն: ... Այս պատճառով ալ, Աստուած իր աստ-ւածային գիրքերով պատուիրեց մեզի խստութեամբ պահք պահել, որպէսզի մտնենք երկինքի երանութիւնը, որմէ զրկուեցաւ Ադամ կերակուրի պատճա-ռով: Բայց անոնք որոնք ծառայ են փորին ու որովայնին, Տէրունական ու առաքե-լական խօսքը կ'ընդունին ի կորուստ իրենց անձերուն, որովհետեւ չեն գիտեր թէ Տէրը ինչ հանգամանքներու մէջ ըսաւ. «Կերակուրը չէ որ կը պղծէ մարդը» (Մր
––––––––––––––– 2 Քիչ բանի վրայ իշխանութիւն ունեցող: Եւ կամ` իշխանութիւն ունեցող, բայց ո´չ ամէն բանի վրայ:
![Page 46: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/46.jpg)
46
7.18). ո´չ ալ կը հասկնան առաքեալին խօսքին իմաստը որ կ'ըսէ. «Կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ» (Ա.Կր 8.8): ... Տակաւին, առաքեալը խօսելով որովայնապաշտներու մասին` կ'ըսէ. «Ինչպէս յաճախ կ'ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ'ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին: Անոնց վերջը կորուստ է, որով-հետեւ իրենց Աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին» (Փլպ 3.18-19): Առաքեալը որո-վայնամոլներն ու հեշտաքարոզ3 վարդա-պետները «շուներ» ու «չարիք սերմանող-ներ» կը կոչէ (Փլպ 3.2):
––––––––––––––– 3 Մարդոց հաճելի ու ախորժելի քարոզներ տուող անձ: Կը նշանակէ նաեւ` կեանքի դիւրին ու հեզա-սահ ճամբու քարոզիչ:
![Page 47: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/47.jpg)
47
Անսահման չարիք է որովայնամո-լութիւնը: Նայէ´ եւ տե´ս, ո´վ մարդ, թէ ինչպէս կործանեցաւ Ադամը. մի´ հեշ-տանար եւ ուրիշներու ալ կործանման պատճառ մի´ դառնար: Միթէ դուն Աս-տուծմէ աւելի՞ գիտես որ Ադամին ըսաւ. «Մի´ ուտեր» (Ծն 2.17), կամ աւելի՞ ուսա-նած ես քան սուրբերը, որոնք պատուի-րեցին մեզի քաջօրէն պահք պահել:
Արդ, սուրբ մարգարէները պահք պահեցին եւ արժանացան հրեշտակնե-րու տեսութեան: Յանուն Աստուծոյ պահք պահեցին նաեւ առաքեալները եւ ապա արբեցան Սուրբ Հոգիի բխումով: Հետեւէ´ Մովսէս, Եղիա եւ Յովհաննէս Մկրտիչ մարգարէներուն օրինակին. ասոնք պահք պահելով է որ զԱստուած տեսան: Սորվէ´ հայրապետներու, մար-
![Page 48: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/48.jpg)
48
տիրոսներու եւ միանձանցներու4 վար-քէն, որովհետեւ պահքն էր անոնց պա-րիսպն ու ամրութիւնը: Եւ այս բանը բոլորը քաջ գիտեն: Իսկ ով որ կը կարդայ Տիրոջ խօսքը, թէ` «Կերակուրը չէ որ կը պղծէ մարդը», կամ առաքեալին խօսքը, թէ` «Կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ», եւ սխալ կը հասկնայ ըսուածները ու սխալ կը բա-ցատրէ ըսելով. «Տեսէ´ք, կերակուրը չէ որ կը պղծէ մարդը, ուստի պահք պահելը իմաստ չունի», թող ինքզինք Աստուծոյ ծառան չկոչէ, եւ թող չխորհի որ մաքուր սիրտ ու հաստատուն հաւատք ունի: ...
Ինչպէս ծառերն ու բոյսերը որոնք ջուրերու եզերքները կը գտնուին` կանա-չագեղ, սաղարթախիտ եւ առատ կ'ըլլան ––––––––––––––– 4 «Միանձն» կը կոչուի միայնակեաց անձը, այսինքն` առանձին ապրողը, ճգնաւորը: «Միանձն» կրնայ կոչ-ուիլ նաեւ` կրօնաւորը, վանականը:
![Page 49: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/49.jpg)
49
պտուղներով, նոյնպէս ալ մարմինը, երբ չափէն աւելի կերակուրներով եւ ըմպե-լիքներով կը պարարտանայ` կը գիրնայ, չարաչար պիղծ ախտեր կ'աճեցնէ իր մէջ, մորմոքուելով կը գրգռուի եւ առանց երկիւղի աղտեղութեամբ կը շաղախուի: ... Եւ ինչպէս բոյսերն ու ծառերը ջուրի պակասէն կը ցամքին ու կը չորնան, նոյնպէս ալ մարմինը որ պարսպուած է պահքով, անոր ախտերը մշտապէս նուազելով կը ցամքին եւ անուժ կը դառնան, թէպէտ մնայուն կերպով կը գրգռուին պոռնկութեան դեւերուն կողմէ:
Արդ, արբեցողներու տունը դեւերու բնակարան ու հանգստավայր է, որովհե-տեւ այնտեղ անառակ կիներ լկտիաբար կը պարեն եւ վատ երգերով խնջոյք կ'ընեն: Իսկ պահք պահողներու տունը հրեշտակներու տուն եւ սուրբերու հան-գըստարան է, որովհետեւ այնտեղ սաղ-
![Page 50: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/50.jpg)
50
մոսերգութիւններով կը փառաւորուի Աստուած:
Ըստ Աստուծոյ բարձրագոյն հրամա-նին` պահքը կը հալածէ դեւերը:
Պահքը Աստուծոյ կոչականն է եւ հրեշտակներու ցնծութիւնը:
Պահքը մեղքերու լուացումն է եւ բարեպաշտութեան սերմանումը:
Պահքը հոգիի պայծառ ջահն է, լու-սաւոր կանթեղը, մարմնի առողջութիւնն ու երկարակեցութիւնը` ինչպէս կը վկա-յեն բժիշկներ եւ փորձուած մարդիկը:
Պահքը Աստուծոյ կողմէ մեզի պար-գեւուած հոգեւոր սուր եւ երբեք չբթացող զէնք է` ընդդէմ աներեւոյթ թշնամիին:
Պահքը հրեշտակներու գործն է եւ եկեղեցւոյ պարծանքը:
Պահքը մեզ Աստուծոյ բարձրացնող ամուր աշտարակ եւ լուսաւոր սանդուխ է:
![Page 51: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/51.jpg)
51
Պահքը լայնատարած կամուրջ է, եւ ելքի ճանապարհ` դէպի երկինք տանող:
Պահքը ընտրուած է Աստուծոյ կողմէ, եւ գովուած ու վկայուած է բոլոր սուրբե-րուն կողմէ:
Ուստի, սիրելիներ, պէտք է խստու-թեամբ եւ զգուշութեամբ պահք պահենք: Նմանինք մեր սուրբ հայրերուն եւ սպաննենք որովայնը եւ մեր իսկ մարմնի մեղքերու անդամները: Պահոց կերակու-րը պէտք է պարկեշտութեամբ գործածել, որովհետեւ շատ կերակուրը կը նեղէ որովայնը, որ կը ծանրանայ ու կը սկսի տառապիլ եւ շրջիլ այս ու այն կողմ: Գրուած է. «Մի´ պարարտացներ որովայ-նըդ, այլ միայն հացով ու ջուրով բաւա-րարուէ»: Իսկ Աստուածաբանը կ'ըսէ. «Երբ կ'ուտես` խնայէ հացը». նաեւ կ'ըսէ. «Շատ փայտ մի´ դիզեր կրակի վրայ եւ շատ կերակուր մի´ պատրաստեր գազա-
![Page 52: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/52.jpg)
52
նի համար, որ մարմինդ է, որպէսզի զօրանալով` պատառ-պատառ չընէ հո-գիդ եւ ցանկութեան կրակով քեզ չայրէ»:
Աստուած մարդուն հրամայեց բաւա-կանանալ պտուղներով, սերմերով ու բանջարեղէնով, սակայն երբ յանցանքը գործուեցաւ, մարդիկ մեծ ջանքերով ու բազում հնարքներով ստեղծեցին համեղ կերակուրներ: Արդ, երբ անասունը կը գիրնայ` կը սկսի պոզահարել5 իր տէրը, որովհետեւ շատցած են անոր ցանկու-թիւնները: Իսկ մարդու ճարպոտիլն ու գիրնալը կը ստիպեն որ ախտը բռնա-դատէ զինք, եւ ինք անասուններէն աւելի վատ ձեւով մը սկսի իր պոզը տնկել Աստուծոյ դէմ: Այս է պատճառը որ Դաւիթ մարգարէն կը գրէ. «Ձիու պէս ու
––––––––––––––– 5 «Պոզ» կը նշանակէ` եղջիւր: Պոզահարել` եղջիւրով զարնել, հարուածել:
![Page 53: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/53.jpg)
53
ջորիի պէս մի´ ըլլաք, որոնք միտք չու-նին, եւ որոնց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէսզի չմօտենան քեզի» (Սղ 32.9): Անոր համար ալ, երբ Աստ- ւած կամենայ խրատել մարդիկը, որոնք կը լիանան ու կը գիրնան բազում կե-րակուրներով, որ հողը ինք Աստուծոյ հրամանով կը պարգեւէ մարդոց, երաշտ կը բերէ, սով, սնունդի նուազութիւն եւ տարբեր-տարբեր պատուհասներ, որ-պէսզի մարդիկ քաղցելով` դարձի գան եւ յիշեն իրենց Արարիչը:
Նոյի ապրած դարաշրջանին, սոդո-մացիներու մօտ կերակուրներու առա-տութիւնն ու պարարտութիւնն էր որ այնքան աճեցուց ու ծաղկեցուց մեղքի ախտը: Ահա այստեղէն ճանչցիր, պահքի անսահման շնորհքներն ու մեծութիւնը, որովհետեւ եթէ նախաստեղծ մարդը պահք պահէր եւ չճաշակէր պտուղէն,
![Page 54: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/54.jpg)
54
դրախտի մէջ որդեծնութիւնը կ'ըլլար պարկեշտութեամբ եւ մարդու կամքով, որովհետեւ ախտը չէր բռնադատեր զայն, ինչպէս այժմ կ'ըլլայ, այլ իր անձին փոխարէն կը ծնէր զաւակներ Աստուծոյ օրհնութեամբ ու կամովին եւ ո´չ թէ ակամայ, եւ, ապաշխարելով անմահ կը դառնար. այնտեղէն ալ կը վերափոխուէր դէպի անմարմիններու անճառելի կեան-քը, այսինքն` ինկած հրեշտակներուն տեղը` սերովբէներուն խորանին մօտ: Նաեւ կուսութիւնը յօժար կամքով եւ առանց ջանքի կը պահէր դրախտին մէջ, որովհետեւ ախտը չէր բռնադատեր զայն, ինչպէս այժմ կ'ըլլայ. կը մորմոքի, հեշ-տութեամբ կը բորբոքի, եւ բոցավառելով ցանկութեան հուրով, կ'այրէ երիկամ-ները` գրգռուելով պոռնկութեան դեւին կողմէ, վկայութեամբ Սուրբ Գիրքին.
![Page 55: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/55.jpg)
55
«Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս, ջերմու-թեանս մէջ կրակը վառեցաւ» (Սղ 39.3):
Ի՞նչ կը փորձեմ ըսել. եթէ մարդիկ սնուէին դրախտին մէջ` կը բարձրանա-յին երկինք. այս մասին կը վկայեն կոյսե-րէն` Եղիան, իսկ ամուսնացածներէն Ենովքը: Որովհետեւ, Ենովք ծնունդ տուաւ որդիներու, եւ ապաշխարելով` անմահ երկինք վերափոխուեցաւ, իսկ Եղիան կուսութեամբ ճգնեցաւ եւ անմահ երկինք բարձրացաւ: ... Մեծն Գրիգոր Աստուածաբանը կ'ըսէ. «Եթէ դրախտին մէջ մնացած ըլլայինք այնպէս ինչպէս Աստուած մեզ ստեղծեց` աստուածացած կ'ըլլայինք եւ Աստուծոյ մօտեցած»:
Թէ բազմահնար ու խաբեբայ է բան-սարկուն6, ասիկա յստակ կը դառնայ եթէ
––––––––––––––– 6 «Բանսարկու» կը նշանակէ` չարախօսութեամբ մարդիկը իրարու դէմ գրգռող:
![Page 56: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/56.jpg)
56
նկատի առնենք առաջին մարդուն անկ-ման պատճառը: Սատանան բնական գե-ղեցկութենէն շատ աւելի գեղեցիկ ու փայլուն դարձուցած էր պտուղը Եւայի աչքին առջեւ, կը լլկէր անոր որովայնը, եւ զայն կը նեղէր ցանկութեամբ, մինչեւ որ Եւա վերցուց պտուղէն, կերաւ ու փառքէն զրկուեցաւ: Այսպէս, բանսար-կուն որովայնամոլութեամբ ու արբեցու-թեամբ կը նեղէ բոլոր մարդիկը. առաւել կը գեղեցկացնէ կերակուրները քան ինչ որ հարկաւոր է բնական քաղցն յագեցը-նելու համար. կը լլկէ մարդուն որովայ-նը, եւ զայն անժուժկալ կը դարձնէ` զայն նեղելով քաղցրահամ կերակուրներու եւ ըմպելիքներու ցանկութեամբ, որովհե-տեւ Սատանան ունի կերակուրներու ցանկութիւն, բայց չունի մարմին, որուն միջոցաւ կարենայ կերակրուիլ: Սատա-նան կու գայ շնութեան իր դեւերով եւ
![Page 57: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/57.jpg)
57
մեր մէջ կը սերմանէ որովայնամոլու-թիւն, եւ ուրախութեամբ կը կերակրուի անոր հիւթերէն: Ան կը կերակրուի ամէն տեսակի աղտեղութիւններով ու մեղքե-րով, զորս մենք կը գործենք մարմինով այս աշխարհին մէջ: Եւ այս անսահման չարիքը որ Սատանան գործել կու տայ, քաջ ծանօթ էր անճառելիները7 տեսնող Պօղոսին, որուն կապակցաբար ան կ'ը-սէ. «Կերակուրը ստամոքսին համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սա-կայն Աստուած թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը պի-տի խափանէ» (Ա.Կր 6.13):
Եւ արդ, քանի այսքան մեծ կործա-նումի առաջնորդեց պտուղի ճաշակումը, եւ քանի այսպիսի մեծ բարիքներու առիթ է պահքը, Աստուծոյ սիրելինե´ր, եկէք
––––––––––––––– 7 Կ’ակնարկէ այն տեսիլքներուն եւ յայտնութիւննե-րուն որ Պօղոս առաքեալ ունեցաւ (Բ.Կր 12.1-5):
![Page 58: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/58.jpg)
58
ջանանք քաջութեամբ պահք պահել եւ ամէն ատեն անով պսակենք մեր ճակա-տը. պահքը որպէս առաջին պարիսպ կանգնեցնենք պոռնկութեան չար դեւին դէմ եւ անով հալածենք չարիքն ու մար-մնական բոլոր ախտերը: Անսասան ըլլանք պահքի խորհուրդին ժամանակ` այս կեանքի մէջ չարչարելով ու ցամ-քեցնելով մեր մարմինը, հեռանալով ցանկալի կերակուրներէն, եւ չափաւորը բաւարար համարելով, որպէսզի անխոնջ կենցաղավարութեամբ եւ հրեշտականը-ման վարքով ապրինք այս աշխարհին մէջ, իսկ հանդերձեալին, որ գալու է, բո-լոր ընտրեալ արդարներուն հետ արժա-նանանք անպակաս լիութեան եւ անճառ միութեան, մշտնջենաւոր ուրախութեան եւ անկարօտ կեանքին, ամենակալ Հօր շնորհներով ու ողորմութեամբ, Միածին Որդիին գթասիրութեամբ եւ Սուրբ Հոգի-
![Page 59: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ](https://reader033.vdocuments.mx/reader033/viewer/2022051107/6006237fdf619a126e0aa50d/html5/thumbnails/59.jpg)
59
ին խնամքով ու առաջնորդութեամբ, որոնք փառաւորուած ու օրհնուած են այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն: